2015-12-10 10:21:00

Հարաւային Ափրիկէի եպիսկոպոսները` ''Յոբելեան կը նշանակէ հոգեւոր բարենորոգում''։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Ֆրանչիսկոս Քահանայապետէն հռչակուած  Ողորմութեան արտակարգ Յոբելեանը պէտք չէ վերածուի լոկ մուրացկաններու ողորմութիւն տալու այլ ըլլալու ժամանակ հոգեւոր բարենորոգումի'' կը գրեն Հարաւային Ափրիկէի եպիսկոպոսները­, Յոբելենական տարւոյն առթիւ հրատարակած  իրենց  պատգամին մէջ, մատնանշելով որ Յիսուս Քրիստոսի դիմագիծը ցոլացումն է Հօր Աստուծոյ ողորմութեան ու Անոր նայելով կարող պիտի դառնանք մեր կարգին կարեկից ըլլալ մեր բոլոր եղբայրներուն, որպէսզի ամէնքս ըլլանք Ողորմած` Հօր Աստուծոյ նման, ինչպէս կը հրաւիրէ մեզի Ս· Տարուան բնաբանը։

Իրենց պատգամին մէջ եպիսկոպոսները կը հրաւիրեն հաւատացեալները ընտանիքին մէջ կարդալ Ղուկասի Աւետարանը, որ ողորմութեան սուրբ տարուան Աւետարանն է։ Ս. Տարւոյն ընթացքին ամէնքս հրաւիրուած ենք հաշտութեան ու դարձի։ Խոստովանանքի խորհուրդը թող չդառնայ լուծ մը̦ այլ ուրախ հանդիպումի առիթ գթառատ ու ողորմած Տիրոջ հետ, կը գրեն Հարաւային Ափրիկէի եպիսկոպոսները եւ կը մաղթեն որ Յոբելեանը ըլլայ բարենորոգումի առիթ` Աստուծոյ ընտանիքի բոլոր անդամներուն համար այնպէս որ ամէնքը, ներկայ աշխարհին մէջ դառնան, Աստուծոյ ողորմութեան քարոզիչներ­։








All the contents on this site are copyrighted ©.